Friday, September 19, 2014

ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ: ՐՈԶԻԹԱ Տ'ԱՄՈՐԱ


Ա.

Ամսթէրտամի կեդրոնը
Պատմութիւն բուրող տան մը վերնայարկը
Ծանօթացայ Րոզիթա Տ'Ամորային

Պատուհանէն
Քովի հին վանքին մոխրագոյն տանիքը
Եւ հեռուն »Սինթ Նիքոլաս« եկեղեցւոյ
Գմբէթը կը տեսնուէր

Նստանք – խօսեցանք
Խօսեցանք բանաստեղծներու եւ բանաստեղծութեան մասին
Վերյիշելով նաեւ իր ծննդավայրը Նափոլին

ճաշասեղանին վրայ
Հազարումէկ ծովային արտադրութեամբ
Հարստացած րիզոթթոյին
Ընկերակցեցաւ ճերմակ գինին
»Սովինյոն պլան« մը

Ժամերը սահեցան արագօրէն
Կէս գիշերը վրայ հասաւ
Ճաշասեղանին շուրջ քով քովի նստած
Փոքրիկ վերհպումներով – դիպուկ ճշդումներով
Սկսանք աշխատիլ վէպի մը թարգմանական
Վերջին փուլերուն վրայ

Գինիի բաժակներուն քով
Րոզիթային մատներն աշխոյժ կշռոյթով
Պարեցին համակարգիչի ստեղներուն վրայ

Անգամ մը եւս զգացինք թէ որքան դժուար է
Ճշգրիտ թարգմանութիւնն այն բառերուն
Որոնք տեղական գոյներ եւ իմաստներ կը ցոլացնեն

Անգամ մը եւս համոզուեցանք թէ
»Բանը բուրդ« է
Ճշմարիտ եւ խղճամիտ թարգմանիչին

Կէս գիշերը որքան անցած էր – չեմ յիշեր
Երբ հրաժեշտ առի Րոզիթայէն
Ու գլխու պտոյտ պատճառող
Ցից սանդուխներէն իջնելով
Բաժնուեցայ տունէն

Ամսթէրտամը՝ լիալուսին
Հսկայ թաղարի մը մէջ
Թաց եւ թախծոտ ձիթենի մըն էր հիմա
Սիրելի Րոզիթա Տ՛Ամորա

Ճաշարաններու եւ կապելաներու առջեւ
Դեռ մարդիկ փունջ - փունջ  տրցակ – տրցակ
Հաւաքուած կը զուարճանային

Իսկ ես
Քանալներով շրջապատուած փողոցներէն
Փողոցներով շրջապատուած քանալներէն
Անցնելով
Կորսուեցայ գիշերուան լազուարթ մթութեան մէջ

Շրթներուս վրայ Ժագ Պրէլի երգը
»Ամսթէրտամ«ը
Որ կը պատմէր նաւաստիներու կեանքը
Նաւահանգիստին մէջ Ամսթէրտամի

Բանաստեղծութեան նման ե՞րգ մըն էր
Թէ ոչ դաշոյն մը
Որ կը մխրճուէր ձեր սրտին

Բ.

Դուք որ կարդացիք այս տողերը
Չկարծէք թէ
Կը խօսիմ երեւակայական անձի մը
Կամ դէպքի մը մասին
Ո՛չ
Համալսարանի գրականութեան դասախօս է Րոզիթա Տ՛Ամորան
Նաեւ գրաքննադատ եւ թարգմանիչ է ան

Կէս գիշեր էր արդէն
Երբ սկսանք աշխատիլ
Սեղանակից եւ խորհրդակից ունենալով
Իր ամուսինը եւ իմ կինս
Բայց մի՛ հարցնէք թէ որ մէկն էր
Այն վէպը զոր կը ջանայինք թարգմանել
Ան ալ մեր գաղտնիքը թող ըլլայ

Գաղտնիքը միշտ իր մէջ ապագայ մը կը պարունակէ
Իսկ ապագան արդէն գաղտնիք մըն է

29 Յունիս 2014, Մարմարա


No comments: