Thursday, November 20, 2014

ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ: ՔԸԶԸԼՉԱԽՉԱԽԻ ՇՈԳԵԿԱՌՔԸ ԵՒ ԵՂԻՇԷ ՉԱՐԵՆՑ

Շաբաթը երկու օր
Չորեքշաբթի եւ Շաբաթ
Կը բանէր Քըզըլչախչախի շոգեկառքը

Առաւօտուն կը մեկնէր Կարսէն
Հանդիպելով Մէզրա – Եահնիլէր – Պաշկէտիքլէր
Գուրուտէրէ - Շահնալար կայարանները
Կը հասնէր Քըզըլչախչախ՝ սահման
Յետոյ դարձեալ նոյն կայարաններուն մէջ պահ մը հանգչելով
Կը վերադառնար Կարս

Գիշերուան լուռ մթութեան մէջ
Շոգեկառքի ժամանման սոյլը երբ լսուէր
Կարսը քուն կը մտնէր

Երկար տարիներ
Ան երթեւեկի միակ միջոցն էր
Որ Արփաչայը Կարս կը կապէր

Ամառը դաշտի գոյնզգոյն թռչուններ – արտոյտներ
Ծիծեռնակներ – վայրի բադեր կ՛ընկերակցէին իրեն
Կը մրցէին իրեն հետ
Ձմեռը երկաթուղին երբ ձիւնին տակ կը թաղուէր
Ճամբորդները կ՛իջնէին
Թիերով սառնապատ գիծերը կը մաքրէին

Իւրայատուկ եւ թախծոտ շոգեկառք մըն էր ան
Ան որ Կարսէն դէպի Արեւմուտք երբեք չէր ճամբորդած
Ան որ Արեւմուտքը բնաւ չէր տեսած – չէր ճանչցած
Կարծես հոն աքսորուած պետական պաշտօնեայ մըն էր
Կամ ցկեանս հոն ապրելու դատապարտուած բանտարկեալ մը

Մեկնումի պահուն ոչ ոք ողջերթ կը մաղթէր իրեն
Կամ ժամանումին ոչ ոք զայն կը դիմաւորէր
Քանի որ գիւղերը կայարաններէն շատ հեռու էին
Ուղեւորները իրենց գիւղերը հասնելու համար
Պարտաւոր էին երկարօրէն քալելու
Ճամբորդներն իրենց տոպրակներով
Հոգերով – կարօտներով բեռնաւոր
Կը քալէին ու կը քալէին յոգնաբեկ
Միայն Քըզըլչախչախի կայարանն էր որ
Մէջն էր գաւառակին

Եղիշէ Չարենց
Դեռ 22 տարու երիտասարդ բանաստեղծ
Որպէս ուսուցիչ կը պաշտօնավարէր
Պաշկէտիքլէր գիւղի դպրոցին մէջ
Եւ ամէն ամսագլխի
Կը նստէր Քըզըլչախչախի շոգեկառքը
Կ՛երթար Կարս – ստանալու իր ամսաթոշակը
Եւ ման գալու իր ծննդավայր քաղաքին փողոցներուն մէջ

Տարիներն անցան
Քըզըլչախչախը կոչուեցաւ Աքեաքա
Եւ օրերու խօլ գնացքին մէջ
Կպրապատ ճամբաներ – կամուրջներ կառուցուեցան
Այդ կպրապատ ճամբաներուն – կամուրջներուն վրայէն
Ինքնաշարժներ – հանրաշարժներ սուրացին
Որոնք գիւղերն իրարու կապեցին
Այն ատեն Քըզըլչախչախի շոգեկառքը
Իր սիրելիները կորսնցուցած որբի մը նման
Դառնութիւնն ու առանձնութիւնը ճաշակեց

Ժամանակը սառնաշունչ քամի մը դարձաւ
Փչեց - գոռաց – անցաւ ու գնաց
Այդ անմոռանալի օրերու վրայէն

Ոչ Քըզըլչախչախի շոգեկառքը
Ոչ ալ երբեմնի ուղեւորները մնացին
Կառախումբը անջատեցին
Քակեցին – քանդեցին – աւերեցին
Բաժան – բաժան ըրին
Տախտակները կոտրեցին
Որպէս վառելանիւթ գործածեցին
Մետաղեայ կազմածները հաւաքեցին – հալեցուցին
Ապակիները փշրեցին

Ոչնչացաւ – կորսուեցաւ – անհետացաւ
Մոռցուեցաւ տակաւ Քըզըլչախչախի շոգեկառքը
Մեզի միայն
Միայն յիշատակի փշուրները մնացին

Ապակիի փշուրներու նման յիշատակի փշուրներ
Որոնք կը խոցեն – կ՛արիւնեն սիրտերը մեր

ԻԳՆԱ ՍԱՐԸԱՍԼԱՆ
13 Հոկտեմբեր 2014

No comments: