Wednesday, February 18, 2015

Դանիէլ Վարուժան։ Հաշիշ

Click here for the audio clip to Daniel Varoujan's poem entitled Hashish.

Սիրտը լեցուն է բանտին խաւարով
Ա՛լ դաշտ ու երկինք չը կան իր համար
Պիտ՚ գըներ աչքի հազար գոհարով՝ 
Աստըղ մ՚ան նոյն իսկ՝ ասուպ ալ ըլլար։ 

–– «Օ՜ն, հաշիշ բերեք, կը մըրմընջէ ան
Երբ աշխարհս ինծմէ այսպէս կ՚ապշոպեն
Ես կ՚ուզեմ հոգւոյս մէջ ըստեղծել զայն. ––
Օրորուիլ, բուժի՜լ հըզոր ցընորքէն.

Օ՜ն, հաշիշ բերեք»։–– Եւ ան կը ծըխէ
Իբր ուրախութեան ըստի՛նքը ծըծէր
Կը հոսի երազ ջըլերուն մէջէ
Աշխարհը լուծուած կ՚ելլայ սիրտն ի վեր։ 

Աչքերը բանտին դիմաց կը գոցուին՝ 
Ապարանք մ՚իր մէջ գըտնելու համար
Բիբերն հըրաժեշտ կու տան խաւարին՝ 
Աստղեր բերելու խոստումով ճարտար։ 

Եւ կը քընանայ՜ արուեստի քունով՝ 
Ինչպէս խըղճի խայթն՝ աղօթքէ մը վերջ
Ո՛վ թըշուառ հոգի, հիմայ ապահով
Ազատ է եւ տէր՝ ցընորքներուն մէջ.
Եւ կ՚երազէ շա՛տ, շատ բաներ աղուոր 
Կամ յոռիներն ալ աղուոր կ՚երազէ––
Բըռնած շըղթայի մ՚օղակն ահաւոր՝ 
Կընոջ մը մանեակը զայն կը կարծէ։ 

Վարդէ, ոսկիէ գետի մ՚ափն ի վար 
Իր մանկան խաղին կը ժըպտի հիմա
Կամ ինքն իսկ մանուկ՝ լըճակին մէջ յար 
Երկինքն՝ երկընքին մէջ զինք կը տեսնայ։

Շըրթունքները լուռ, մեղմիկ կը դողան՝ 
Անշուշտ ուրիշներ գըտնալնուն համար
Թերեւս (ո՞վ գիտէ) կը լըրացնէ ան 
Համբոյր մ՚ատենով թողուած կիսկատար.

Կամ կը շըրջի արտն՝ ազատ քայլերով
Կը վայլէ երկինքն, աստղերու արգանդ։ 
Մի՛ արթընցընեք, քանզի ապահով 
Զինք կը փոխադրէք լոյս աշխարհէն՝ բանտ։ 

Թողէք քընանայ… թող հաշիշին մէջ 
Սեւ շըղթան բեկտի՝ վիշտը լուծելով։ 
... Ո՛վ անմահ մեկոն, երազի առէջ
Դու ցընորքն հիւսէ ոսկեղէն թելով.

Հիւսէ խընդութիւն մը անըրջական 
Իր խոցուած հոգւոյն, ուղեղին վըրայ
Ժըպիտն աղուո՜ր է, եթէ նոյն իսկ ան 
Խաբուած ջըղերու վիժա՜ծն ալ ըլլայ։ 


Դանիել Վարուժան, Սարսուռներ, Վենետիկ - Սուրբ Ղազար 1906

No comments: